Արամ Սերժ Թովմասեանի պատասխանը "Մահ Կամ Ազատութիւն" ոգիի դեմ հեգնանքի ոգիին

Արամ Սերժ Թովմասեանի պատասխանը "Մահ Կամ Ազատութիւն" ոգիի դեմ հեգնանքի ոգիին
shadow
Հայաստանի վարչապէտի պաշտօնը զբաղեցնող անձը՝ յանձինս փաշինյան նիկօլի, ամիսներ առաջ շատ անկեղծ յայտարարութիւն մը ըրաւ, ըսելով որ բոլոր հայերը որոշ չափով դաշնակցական են, ինքը նոյնպէս.
Բայց շարունակելով ըսաւ պէտք է հրաժարիլ անկէ եւ ինքը եւ իր խմբակը հրաժարած է արդեն:
Հիմայ կը հասկնամ լաւապէս ինչ ըսել կուզէր։

Serj Aram  » Writes on facebook:

Հայաստանի վարչապէտի պաշտօնը զբաղեցնող անձը՝ յանձինս փաշինյան նիկօլի, ամիսներ առաջ շատ անկեղծ յայտարարութիւն մը ըրաւ, ըսելով որ բոլոր հայերը որոշ չափով դաշնակցական են, ինքը նոյնպէս.
Բայց շարունակելով ըսաւ պէտք է հրաժարիլ անկէ եւ ինքը եւ իր խմբակը հրաժարած է արդեն:
Հիմայ կը հասկնամ լաւապէս ինչ ըսել կուզէր։

Շարունակեմ իր միտքը.
բոլոր այն հայերը որ չեն կրնար հայեացքնին կտրել Արարատէն, որոնք վրէժի զգացում ունին թուրքիոյ հանդեպ, որոնց համար ազրպեյճանն ու թուրքիան հայոց թշնամիներն են. Որոնք ցաւ կը զգան Արցախի կորուստին հետ, որոնք կը ցաւին այն հայորդիներուն համար որ գերութեան մէջ են պաքուի զնտաններուն մէջ, որոնք հաւատարիմ են Հայաստանի Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ վերջապէս (որքան ալ շատերուն համար ծիծաղելի թուի), կը հաւատան Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին, Արցախ, Նախիջեւանով, Ջաւախքով եւ Արեւմտահայաատանով, անպայման որ դաշնակցականութիւն ունին իրենց մէջ:

Նիկօլը եւ իր քպ-ի զանգուածը վէրը թուածներս չեն ընդունիր այլեւս …

Սիրելի բարեկամ, որոշէ դուն, մէջդ կայ՞ Դաշնակցութիւնը

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus